








|
 |
Հայտարարություններ
Հայաստանի Ազատագրության Հայ Գաղտնի Բանակը հերքում է
ՀԵՐՔՈՒՄ
Կը հերքենք Երևանի «Առաւօտ» օրաթերթի այսօրուայ համարին մէջ մեր կազմակերպութեան անունով հրապարակուած, առանց թուականի, կեղծ յայտարարութիւնը ուր ըսուած է՝ Հ.Ա.Հ.Գ. Բանակը զօրավիգ կը հանդիսանայ Հ.Հ.-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ գործընթացին:
Նոյնպէս կը հերքենք մեր կազմակերպութեան տարբեր համակիրներու տեսակետներն ու յայտարարութիւնները, Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ին վերագրելու միեւնոյն թերթի կողմէ պարբերական քայլերը: Այս թերթը երբէք չէ հրապարակած Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի պաշտօնական յայտարարութիւնները, ընդհակառակը միայն տպագրած է մեր կազմակերպութեան անունով կեղծ յայտարարութիւններ եւ թրքամէտ յօդուածներ:
Հ.Հ.-Թուրքիա յարաբերութիւններու ճակատագրական եւ զգայուն ներկայ գործընթացի գծով Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի հրապարակային լռութիւնը չի նշանակէր, որ մեր կազմակերպութիւնը ուշադրութեամբ չի հետեւիր ընթացող զարգացումներուն եւ համապատասխան քայլեր չի նախաձեռնէր անոնց նկատմամբ:
Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ն իրեն կը վերապահէ իրաւունք, այդ քայլերու մասին հանրութեանը հաղորդակից դարձնելու պահը:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ
10.10.2009թ.
http://araxmag.blogspot.com/2009/10/blog-post_6429.html
|